ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (L.G.U.)

Ուրբաթ, 23 Նոյեմբեր 2012-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, դպրոց ներկայացան L.G.U-ի (Lebanese German University) ընդունման գրասենեակէն Տոքթ. Անթուան Մուհաուէժ եւ Նուհատ Խալիֆէ։ Անոնք ներկայացուցին համալսարանը եւ շեշտը դրին այն մասնագիտութիւններուն վրայ, որոնք այլ համալսարաններու մէջ չկան, ինչպէս՝ physiotherapy եւ contracting։ Անոնք քաջալերեցին նաեւ հիւանդապահութեան մասնագիտութիւնը, որուն համար կը յատկացուի կրթանպաստ։