ՔՐԻՍ ՊՈՀՃԱԼԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2012-ին, Ճեմարանի այցելեց ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեան եւ միջնակարգի Թ. դասարանի ու երկրորդականի աշակերտներուն անգլերէն լեզուով ներկայացուց իր «Աւազէ ամրոցին աղջիկները» վէպը։ Հեղինակը խօսեցաւ իր ընտանեկան հայ եւ ոչ հայ արմատներուն մասին. ան վերյիշեց իր մանկութեան օրերը, թէ ինչպէ՛ս իր շուէտացի մայրը ամէն շաբաթ օր զինք կը տանէր իր մահացած հօր ծնողքին` Պոհճալեաններու տունը, ինչ որ խոր տպաւորութիւն թողած էր իր մէջ: Ան թուեց իր այցելած վայրերը, ինչպէս` Այնճար, Մարիա Ճէյքըպսընի որբանոցը, ուր ջարդերէն ճողոպրած 3600 որբեր կը խնամուէին, ապա` Երեւան, եւայլն: