ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱՀՐ ԷՐ ՔԵԼՊ

Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Նահր Էլ Քելպ։ Արաբերէն լեզուի ուսուցչուհին կարդաց հոն զետեղուած բարձրաքանդակներուն արձանագրութիւնները եւ համապատասխան բացատրութիւնները տուաւ՝ Լիբանանի անկախութեան պատմութեան ու անձնաւորութիւններուն մասին, ապա աշակերտները երգեցին Լիբանանի քայլերգը։