ՆԱԽԱՃԱՇ

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ին, նախակրթարանի Ե. դասարաններու ընկերային յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նախաճաշ՝ դաստիարակ ուսուցիչներուն հսկողութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Նախաճաշին ընթացքին, ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան աշակերտներուն խօսեցաւ դպրոցէն ներս յայտնուող ընկերային անհասկացողութիւններուն մասին, որոնք երբեմն անհիմն կ’ըլլան: Նիւթը զարգացաւ զրոյցի, բեմականացման եւ կարծիքներու փոխանակման ընդմէջէն, եւ զանազան առաջարկներ ներկայացուեցան անհասկացողութիւններու լուծման եւ համերաշխութեան գծով: