ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՊԸԲ» ԿԵԴՐՈՆ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբի հրաւէրով Ժ. դասարաններու աշակերտները Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2014-ին իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները: Աշակերտներուն հոգիներուն մէջ դրոշմուեցաւ կամաւոր աշխատանքի գաղափարը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը՝ բարեսիրական հաստատութիւններէն եւ հանրային կեանքէն ներս: