ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱԶԱՐ

Ծնողական Խորհուրդին կազմակերպած «Նոր Տարուան Պազար»ի բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Մանկապարտէզի աշակերտները ելոյթ ունեցան կաղանդի երգերով եւ պարեցին «կաղանդ պապա»ներուն հետ, ապա փոքրիկները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ վայելեցին պազարին ճոխ մթնոլորտը եւ ճաշակեցին համեղ ուտելիքները: Պազարը բաց կը մնայ Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան ժամը 6:00: