ԼԵՎԱՄ-ի Ճատրակի մրցաշարքի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարանը՝ առաջին

Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2014-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄի յանձնախումբի կազմակերպած Ճատրակի միջ-դպրոցական մրցաշարքը, որուն աւարտին ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 8 Տարեկան եւ վար.- Աղջիկներ՝ Լորի Պապիկեան (առաջին) Տղաք՝ Արեգ Ժերդիտեան (երրորդ) 10 Տարեկան…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2014-ին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ղեկավարներ Ռազմիկ Պերթիզլեան, Ռոպերթ Առաքելեան, Կարէն ու Ժաքլին Մակինեաններ եւ Արմէն Ճենտերեճեան այցելեցին Ճեմարան: Արուեստագէտները հանդիպում ունեցան տնօրէնութեան, ապա Ա.էն Թ. դասարաններու աշակերտութեան հետ եւ խօսեցան «Թ. Ռոսլին» ակադեմիայի, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի, «Գայեանէ» պարարուեստի եւ «Արեգ» թատերական դպրոցներու կարեւորութեան, ուսումնական ծրագիրներուն,…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ուղղուեցան դէպի Համազգայինի տպարանը։ Անոնք դիտեցին տպարանի գործիքները եւ մօտէն հետեւեցան տպագրական աշխատանքի հանգրուաններուն։ Աշակերտներուն մտքին մէջ յստակ դարձաւ գիրքի մը մեծաքանակ արտադրութեան աշխատանքի ձեւը։ Տպարանէն ետք, անոնք ուղղուեցան Համազգայինի գրախանութը, դիտեցին հոն ցուցադրուած եւ վաճառքի դրուած…

ԳԱՂԹՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները գաղթող թռչուններ շինեցին: Հայերէն լեզուի դասապահուն կատարուած ձեռային այս աշխատանքը կ’առնչուի աշնան բնաբանին:

ԽԱՉՔԱՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայերէնի դասապահուն, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները դիտեցին խաչքարի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը եւ իրենց ուսուցչուհիին հետ կատարեցին ձեռային աշխատանք մը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կաւով պատրաստեց խաչքար մը եւ իր հնարամտութեամբ զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն։ Գիտելիքներու ամրապնդման զուգահեռ, այս աշխատանքը նպաստեց հայկական մշակոյթի ծանօթացման։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, Լիբանանի գլխաւոր քաղաքներու մասին իրենց ստացած գիտելիքները ամրապնդելու համար, նախակրթարանի Ե. դասարաններու աշակերտները կատարեցին դասարանային խմբակային աշխատանք՝ ուսուցիչին հսկողութեամբ: Իւրաքանչիւր խմբակի անդամները ներկայացուցին քաղաք մը եւ անոր մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց դասընկերներուն:

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցան ուսման կողմնորոշման հետեւեալ հանդիպումները ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ. Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչները՝ ընկերակցութեամբ Ճեմարանի շրջանաւարտ Սագօ Յակոբեանին, խօսեցան եւ անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուին Հայկազեան համալսարան մուտքի պայմաններուն, մասնագիտութիւններուն եւ կրթանպաստի մասին: Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբերին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՆԹԻԼԻԱՍ»-Ի ԳԵՏ

Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ին, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին «Անթիլիաս»-ի գետ՝ ամրապնդելու «Անուշ ջուրի միջավայր»ի մասին իրենց ստացած գիտելիքները։ Աշակերտները դիտեցին գետին ընթացքը եւ ծանօթացան հոն աճող բոյսերուն:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ին մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, ժամը 1:30-ին, տարրական բաժինի աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ նշեցին թարգմանչաց տօնը: Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին օրուան խորհուրդին վերաբերող երգեր ու արտասանութիւններ, ապա անոնք մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան ուսուցիչներուն պատրաստած հանելուկ-խաղերուն: Ձեռնարկի աւարտին, ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Բ. եւ Գ. դասարաններէն հետեւեալ…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ. եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնն ու գիրքի շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ներկայ էին, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ, մեծ թիւով աշակերտներ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2014-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։