DJEMARAN MUN-2014 (Model United Nations) LAU CAMPUS

Ժ. Դասարանէն 16 աշակերտներ կը մասնակցին LAU համալսարանի կազմակերպած MUN-ի (Model United Nations) միջդպրոցական վարժութիւններուն: ՄԱԿ-ի կառոյցները ուսումնասիրելով, աշակերտները կը սորվին դիւանագիտական, քաղաքական կեցուածքի, հրապարակախօսութեան եւ այլ ունակութիւններ՝ ընկալելով աշխարհաքաղաքական ոլորտին վերաբերող բարդ յարաբերութիւնները: Այս աշխատանքները սկսան 29 Նոյեմբեր 2014-ին եւ պիտի աւարտին 31 Մարտ 2015-ին: Յաջողութիւն կը մաղթենք Ժ. Դասարանի մեր աշակերտներուն: