«ՈՍԿԻ ԽՆՁՈՐԸ»

Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ին, տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Ոսկի Խնձորը» ներկայացումին՝ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները՝ Վահան Մանիսաճեան, Քրիստոֆ Մաքտեսեան, Կարէն Աֆարեան, Սեւակ Զարմէնեան, Լոռի Խաչատուրեան, Լիլա Մաքտեսեան, Նանար Այնթապլեան, Մարիա Գափլանեան, Կարէն Ճինպաշեան, Կարէն Խիւտավերտեան, Շահան Հաւաթեան, Պօղոս Տօնիկեան, Պարոյր Տօնիկեան, Սէրուժ Յովսէփեան եւ Սագօ Եագուպեան: Անոնք հանդէս եկան խաղարկութեամբ թէ պարերու ընդմէջէն եւ փայլեցան բեմին վրայ ու հանդիսատեսին ուշադրութիւնը գրաւեցին: Նորանոր յաջողութիւններ բոլորին: