ԳԻՒՄՐԻԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան Հայ Դատի խմբակին, Հինգշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ Գիւմրիի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ: Հայ Դատի խմբակին կողմէ Ժ. դասարանէն Հրակ Գէորգեան ընթերցեց ձեռնարկի բացման խօսքը: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ երկրաշարժի հարուածած վայրերուն եւ պատճառած վնասներուն, ինչպէս նաեւ՝ այդ օրերուն բոլոր երկիրներէն…