ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՋԻՒԱՆ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022-ին, «Դրախտի Դարպասը» ֆիլմի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպեցաւ Լսարանական Միութեան անդամներուն հետ: Ան իր սրտի խօսքին մէջ յատուկ պատգամ մը ուղղեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ ապագային իրենց մասնագիտութեամբ անպայման ծառայեն հայրենիքին: Ապա մտերմիկ զրոյց մը ընթացք առաւ, եւ աշակերտները յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան ֆիլմի պատրաստութեան, դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ֆիլմին միջոցաւ փոխանցուած թաքուն պատգամներուն մասին: