ԳԻՒՄՐԻԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան Հայ Դատի խմբակին, Հինգշաբթի 8 Դեկտեմբեր 2022-ին, տեղի ունեցաւ Գիւմրիի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ:
 
Հայ Դատի խմբակին կողմէ Ժ. դասարանէն Հրակ Գէորգեան ընթերցեց ձեռնարկի բացման խօսքը: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ երկրաշարժի հարուածած վայրերուն եւ պատճառած վնասներուն, ինչպէս նաեւ՝ այդ օրերուն բոլոր երկիրներէն ու մանաւանդ սփիւռքահայերուն կողմէ Հայաստան հասած օժանդակութիւններուն: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Այսօր երկրաշարժէն 34 տարիներ ետք, Գիւմրին կանգուն է աւելի հզօր, երկրաշարժի հետքերը գրեթէ վերացուած են: Եւ քաղաքը կը շարունակէ բարգաւաճիլ տարուէ-տարի»:
 
Ապա երկրաշարժին մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, օրուան խօսքը փոխանցեց Ճեմարանի նախակրթարանի հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Ամալիա Մարտիկեան: Ան ականատեսի իր վկայութիւնները պատմեց աշակերտներուն, որոնք յուզումով հետեւեցան եւ ապրեցան երկրաշարժի ցնցող պահը, աղէտին ուժգնութիւնը եւ անոր գործած մեծ աւերները…: Ամալիա Մարտիկեան շարունակեց Չարենցի խօսքով եւ ըսաւ. «Գիւմրին պայքարեց ապրելու հսկայ տենչը բեռ արած», եւ աւարտեց Շիրազի բանաստեղծութեան հետեւեալ տունը արտասանելով.
 
«Դու իմ անուշ ծննդավայր,
Շիրազամայր իմ Գիւմրի,
Դու մի բուռ ես, բայց մի աշխարհ.
Դու իմ արծիւ, իմ Գիւմրի»:
 
Ձեռնարկի աւարտին աշակերտները երգեցին Ազնաւուրի «Pour toi Arménie» երգը: