Frankfurter Night

Շաբաթ, 24 Մարտ 2012-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան, տեղի ունեցաւ Frankfurter Night-ը, Ճեմարանի Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ: Վարչութեան անդամներուն կողմէ պատրաստուած Frankfurter-ը եւ գարեջուրը հրամցուեցան ներկաներուն, որոնք ուրախ ժամանակ անցուցին karaoke-ով եւ պարելով մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Ներկաները գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան Ճեմարանէն:

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ «Մանկավարժական Օր» մը, որուն մասնակցեցան Ճեմարանի բոլոր ուսուցիչներն ու գրասենեակային պաշտօնէութիւնը։ Օրը սկսաւ ժամը 8։00-ին, ընդհանուր ժողովով, որուն ընթացքին կատարուեցաւ արժեւորումը ցարդ կատարուած աշխատանքին եւ քննարկուեցան ուսումնական աշխատանքի կազմակերպման առնչուած ընդհանուր հարցեր։ Ընդհանուր ժողովէն ետք, կատարուեցաւ տարրական բաժինի նոր ուսուցչարանին բացումը։ Այս…

ՓՈՔՐԻԿ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆՆԵՐ

Մարտ ամսուան ընթացքին, մանկամսուրի փոքրիկներուն կեդրոնական նիւթն էր «պարտիզպանին գործիքները»։ Անոնք դիտեցին գործիքները եւ սորվեցան համապատասխան բառամթերքը։ Պարտիզպանին աշխատանքին վերաբերող գիտելիքները ստանալէ ետք, փոքրիկները հողը փորեցին, հունտը ցանեցին, ապա ջրեցին։ Երբ հունտը ծիլ տայ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր աշխատանքին «բերքը» տուն պիտի տանի։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ

Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2012-ի առաւօտեան Ճեմարանի ԺԱ. Դասարանի աշակերտները այցելեցին Զուարթնոց կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի եւ ուղղավարժ Մարիա Պիլէմճեանի։ Նախքան կեդրոն մեկնիլը, Մարիա Պիլէմճեան հակիրճ ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց թերաճներու սահմանափակ կարողութիւնները, պատճառները եւ անոնց հոգատարութեան կարեւորութիւնը։ Աշակերտները դիմաւորուեցան Զուարթնոց կեդրոնի տնօրէնուհի Արաքսի Տապպաղեանի կողմէ, որ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Լ.Օ.Խ.ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2012-ի առաւօտեան ժամը 7։30-ին, Ժ. Դասարանի աշակերտները` ընկերակցութեամբ ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեանի, ուղղուեցան դէպի Լ.Օ.Խ.ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն, նպատակ ունենալով աշակերտները ծանօթացնել գաղութին մէջ գործող բարեսիրական միութիւններուն եւ փոխանցելու անոնց Լ.Օ.Խ.ի ունեցած կարեւոր դերը լիբանանահայ գաղութին մէջ։ Այցելութիւնը սկսաւ Կեդրոնի 4-րդ յարկի սրահէն, ուր…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐՇԷՋՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Ուրբաթ, 16 Մարտ 2012-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հրշէջներու կեդրոն։ Աշակերտները դիտեցին հրշէջին տարազը եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւնները։ Անոնք բարձրացան հրշէջներու ինքնաշարժը եւ ուսումնասիրեցին անոր զանազան բաժանումները։ Այս այցելութեամբ աշակերտները ամրապնդեցին իրենց բառամթերքն ու գիտելիքները։ Անոնք գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։

ԽՈՅԶ-ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Մարտ ամսուան ընթացքին, տարրական բաժինի Գ. դասարաններու բոլոր աշակերտները ֆրանսերէնի դասապահուն ներկայացուցին իրենց աշխատանքները։ Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը խոյզեր պատրաստած էր ջուրի մասին։ Կարգ մը աշակերտներ ալ գիտական փորձարկումներ կատարեցին տարբեր-տարբեր նիւթերու մասին։ Վերոյիշեալ աշխատանքը կը զարգացնէ աշակերտին բանաւոր արտայայտութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ անոր ընդհանուր զարգացման։

ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2012-ին, Ճեմարան այցելեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան, ընկերակցութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեանի։ Ան աշակերտներուն ներկայացուց Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութիւնն ու դերը Միացեալ Նահանգներու մէջ շեշտելով, թէ ի´նչպէս ամերիկահայ երիտասարդները կը մասնակցին Հայ դատի աշխատանքներուն։ Այս առնչութեամբ ան ըսաւ,…

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012-ին, կէսօրէ ետք, ժամը 4։00-էն 6։00, աւարտական դասարանի աշակերտները իւրայատուկ ձեւով նշեցին ուսուցիչներու տօնը, Չալեան սրահին մէջ։ Ձեռնարկին հրաւիրուած էին երկրորդական բաժինի ուսուցիչները։ Բացման խօսքը կարդացին Արփի Մարոնեան եւ Սեպուհ Թորիկեան, որոնք ուսուցիչներուն մաղթեցին առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երկար կեանք, ապա հրաւիրեցին տնօրէնը, որպէսզի իր խօսքը…

ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012-ի առաւօտեան միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ճամբայ ելան դէպի Ֆարայա։ Ֆարայայէն Ֆաքրա տանող ճանապարհին, ձիւնածածկ լերան մը լանջին, աշակերտները հաճելի ժամեր անցուցին՝ սահելով ու ձիւնագնդակ խաղալով։ Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ Մէյրուպայի մօտ գտնուող ճաշարանի մը մէջ,ուր ճաշելէ եւ հանգստանալէ ետք, ձիւնագնացները վերադարձան դպրոց։

ԵՐԵՒԱՆԻ «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Երեւանի «Անանիա Շիրակացի»ի անուան Ճեմարանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ, 6 Փետրուարէն 15 Փետրուար 2012, Ճեմարանի մէջ հիւրընկալուեցան Երեւանէն երկու ուսուցիչներ՝ Աշխէն Գրիգորեան եւ Արթուր Գաբրիէլեան։ Հայրենի հիւրերը յիշեալ 10 օրերուն մնայուն ներկայութիւն եղան դպրոցին մէջ եւ ծանօթացան Ճեմարանի բոլոր բաժիններուն, անոր…

“HAPPY HOUR AT RD”

Երկրի տնտեսական կացութեան եւ սղութեան պատճառով, 2011-2012 տարեշրջանի աւարտական դասարանի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկ մը՝ տարեվերջի հանդէսի ծախսերը թեթեւցնելու նպատակով։ Ձեռնարկը՝ “Happy hour at Rd” անուան տակ, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2012-ին, Roadster ճաշարանէն ներս, Ժալ Էլ Տիպ։ Ժամը 4։30-էն սկսեալ, մեծ ժպիտով ընդունեցինք մեզ քաջալերողները, որոնք…