Չորեքշաբթի՝ 3 Ապրիլին, Զ. կարգի աշակերտները մեկնեցան Պաապտա՝ այցելելու Terre Liban կազմակերպութիւնը։
Աշխատանքային այցը սկսաւ ֆիլմի ցուցադրութեամբ մը, որ անդրադարձաւ ապականումի տեսակներուն, պատճառներուն եւ հետեւանքներուն ընդհանրապէս եւ Լիբանանի ապականումի վիճակին յատկապէս։ Աշակերտները առիթը ունեցան aloe vera բազմացնելու ձեւին ծանօթանալու եւ ցանելու իրենց տունկերը։ Անոնք շրջեցան բոյսերով հարուստ պարտէզին մէջ ու կանգ առին ջուրի, հողի եւ օդի ապականումին անդրադարձող պաստառներուն դիմաց։ Անոնք սորվեցան, թէ ինչպէս կարելի է աղբերը զատել եւ վերածել օգտագործելի նիւթի։ Այսպէս, պարարտացուցիչը, վերամշակելի շիշը, թուղթը եւ փլասթիքը աղբի արտադրութիւններէն են։ Վերջին կանգառը՝
1894-ին կառուցուած երկաթուղին էր, անոր գիծերուն վրայէն քալելով
Հասանք Պաապտայի հին եւ ալ չգործող կայարանը։
Մեծ խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ 2 ժամ տեւողութեամբ աշակերտները հետեւեցան ու մասնակցեցան օրուան թեմայի սպառիչ ներկայացումին ու աշխատանքներուն։
Զբօսանքի կարճ դադարէ մը ետք վերադարձանք Ճեմարան:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «TERRE LIBAN» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
