ՄԱՐԻՆԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ԺԱ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները գրականութեան հաճելի դասապահ մը անցուցին Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դասախօս Մարինէ Ղազարեանի հետ։

Հետաքրքրական քննարկում մը տեղի ունեցաւ Յ. Օշականի «Ծակ Պտուկը» վէպին մասին։ Մարինէ Ղազարեան աշակերտներուն հետ արծարծեց Օշականի ստեղծած գլխաւոր կերպարներուն ներաշխարհը յուզող հարցերը եւ սպառիչ տեղեկութիւններով հարստացուց անոնց գիտելիքները։

Աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան Մարինէ Ղազարեանէն, օր մը դարձեալ հանդիպելու յոյսով։