Գիշերօթիկի Մը Յուշերէն. Անմոռանալի Սըր-ը
1 Օգոստոս 1957-ին սկսաւ գիշերօթիկի իմ կեանքս՝ Ն. Փալանճեան Ճեմարանին մէջ։ Առաջին մէկուկէս ամիսը անցուցի Մէյրուպա գիւղի պանդոկներէն մէկուն մէջ, ուր գիշերօթիկներու մէկ մասը ամառուան արձակուրդը կ՛անցընէր՝ Սըր-ի հսկողութեան տակ։ Քուէյթի անապատներէն վերջ, ուր մանկութիւնս անցուցած էի, կանաչ լեռները, պարտէզները եւ մանաւանդ պտղատու ծառերը նորութիւն էին ինծի համար։…
