Ճեմարանի Քայլերգին Հետքերով

Ճեմարանիս մասին երբեք չեմ գրած:

Ամբողջ կեանք մըն է, էութիւն մը, ներաշխարհ մը: Ի՞նչ գրել քանի մը տողի սահմաններուն մէջ:

Բայց յանկարծ անոր Հանրային կապերու գրասենեակէն կը ստանամ ե-նամակ մը, դիմուած ինծի` «Սիրելի ընկ. Խաժակ Գուլաճեան»-ով:

Հպարտացայ` Ճեմարանը կը յիշէ իր շրջանաւարտները:

Կը խնդրուէր 90-ամեակին առիթով խօսք մը:

Տնամեկուսացուած` արդէն խառն զգացումներով պարուրուած, յանցաւորի զգացում մըն ալ աւելցաւ վրան:

Փարատելը պիտի ըլլար միայն ու միայն ընդառաջելով:

Մղձաւանջ… Ուրկէ՞ սկսիմ, ո՞ր մէկը գրեմ:

Ճեմարա՛ն, կերտած ես զիս, այնպէս մը, որ քեզմէ իւրաքանչիւր յուշ, քու «հարազատ յարկիդ ներքեւ» լսած իւրաքանչիւր խորհուրդ ամէն օր մտապատկերիս վրայ կը տողանցեն:

«Գաղափարի տաճար անսասան» ես, ճեմարա՛ն: Դասարաններուդ մէջ պարզ դասաւանդութիւն չէր, որ տեղի կ՛ունենար: Հոն  «մեր կեանքն ուրախ եւ միշտ ազատ [ծաղկեցաւ]»: Հոն դաստիարակուեցանք իբրեւ ազատ կամքի տէր, կարծիք յայտնող եւ յարգող, իբրեւ ապագայ ղեկավարներ:

«Հայ դպրութեան դու  ջահակիր, Ճեմարա՛ն»:  Քեզմով սիրեցինք մեր մշակոյթը, եկեղեցին (Այո՛, եկեղեցին, իբրեւ հայ մշակոյթի մասնիկ, թէեւ միշտ այպանուեցանք որ կրօնագիտութիւն չէր աւանդուեր մեզի), մեր լեզուն` թէ՛ արեւմտահայերէնը եւ թէ՛ արեւելահայերէնը, շնորհիւ «քեզ [կերտող] առաքեալներ»-էն` Լեւոն Շանթի պատրաստած դասագիրքերուն: Դասական դասաւանդութենէն անկախ, մեզի սորվեցուցիր դաս սորվիլ, զարգացնել քննական միտք, քննել իւրաքանչիւր գաղափար եւ չընկալել այնպէս, ինչպէս որ է:

Եւ այսօր, 90 տարեկան երիտասարդ, դարձած ես «Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր»-ը:  Աշխարհացրիւ շրջանաւարտներդ, ամէն Լիբանան այցելութեան, ուխտի կու գան քովդ` մի՛շտ «ծարաւ լոյսիդ մայրենի:

Տակաւին այսօր, 90 տարեկան երիտասարդ, «Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն», մեզմով պիտի շարունակես մնալ «Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան», որովհետեւ առաքելութիւնդ չէ աւարտած տակաւին, որովհետեւ մե՛նք նիւթական ու բարոյական յենարանդ պիտի ըլլանք, թէեւ տակաւին պէտք ունինք քեզի` իբրեւ ներշնչարան, որովհետեւ մեր ՋԱՀԱԿԻ՛ՐՆ ես, Ճեմարա՛ն:

90-ամեակին առիթով, պարտք կը զգամ երախտագիտութեան ջերմ զգացումներս յայտնելու եւ խոնարհելու հետեւեալ հսկաներուն կամ անոնց յիշատակներուն առջեւ, որոնք Ճեմարանս դարձուցին «Գաղափարի տաճար անսասան», «Հայ դպրութեան ջահակիր» եւ «Մեր բոլորիս ուխտավայր»-ը` Սիլվա Գէորգեան, Լենա Տալկրանեան-Խորշիտեան, Հուրի Եղիայեան,  Գարմէն Տէր Կարապետեան, Լուսին Մալիքեան, Արփի Պէրպէրեան, Սեդա Ունճեան-Խտըշեան, Ռիթա Յովհաննէսեան-Պարսումեան, Աղաւնի Ֆստքճեան-Առաքելեան, Մարալ Մանճիկեան-Լոզոյեան, Սեդա Արզումանեան, Յասմիկ Սարգիսեան-Գէորգեան, Արաքս Շիմշիրեան-Գուլաճեան, Մարալ Ճամուսեան, Մարալ Խտրլարեան-Լատոյեան, Սիլվա Փանոյեան, Արփի Մինասեան-Կոստանեան, Վարդուկ Մարգարեան, Նորա Ռումեան, Մարիա Խաչատուրեան,  Թալին Սրուրեան-Գափլանեան, Թորգոմ Գալէմքերեան, Կասիկ Սարգիսեան-Խաչերեան, Ռոզին Գազանճեան, Մարօ Քիրիաքօ, Թալին Վարդեան-Հազարվարդեան, Լինա Շամի, Գէորգ Գանտահարեան, Եփրեմ Քէշիշեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Շուշիկ Տասնապետեան, Ժոզեֆ Գալուստեան, Սըր, Սուպհի Թահհան, Պերճ Փարմաքսըզեան, Ռիթա Գրիգորեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հուրի Եափուճեան, Ժոզեֆ Տաու, Ֆիլիփ Էլիան, Նախլէ Նասրանի, մատամ Հանրիեթ, օրիորդ Ալիս, պարոն Յովհաննէս եւ պարոն Տասնապետեան, ինչպէս նաեւ բոլոր խնամատար «մայրիկ»-ներուն անհատաբար, պարոն Սերոբին ու տիկին Ռոզին, նըրս` Արուս Գալֆայեանին, քարտուղար Էլպիս Փափազեանին եւ գրադարանավարներ օրդ. Ազգոյին եւ օրդ. Ազնիւին:

Յարգա՛նք ձեզի:

ԴՈԿՏ. ԽԱԺԱԿ ԳՈՒԼԱՃԵԱՆ