ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի նախօրեակին, Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին, Տարրական բաժինի աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին, ինչպէս նաեւ մոմեր վառեցին դպրոցին մուտքին տեղադրուած նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն դիմաց: 

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԹԱՆԳԱՐԱՆ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, մենք՝ Ը. դասարանի աշակերտներս, երկու շաբաթ աշխատելէ ետք պատրաստեցինք Կոմիտասի նուիրուած թանգարան մը դպրոցէն ներս: Աշխատանքը կատարուեցաւ հայերէն լեզուի պահերուն, զբօսանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Շաբաթ օրով: Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ թանգարանին բացումը, որուն ընթացքին բացման կարճ խօսքէ մը ետք, իւրաքանչիւր աշակերտ տեղեկութիւններ փոխանցեց…

ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ՝ «ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ 2019-ին «Կարեւոր որոշումներ կեանքի մէջ» բնաբանով զրոյց մը տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ, զրուցավարն էր ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան: Ճեմարանի շրջանաւարտներ՝ Սիլվա Փափազեան եւ Բենիամին Պչաքճեան, աշակերտներուն հետ զրուցեցին կեանքի նոր հանգրուանի սեմին կարեւոր որոշումներու մասին: Զրոյցի առաջին հանգրուանին, Սիլվա…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի (գրական բաժին) աշակերտները Մայրավանք այցելեցին, իրենց մատենագրութեան, գրաբարի եւ եկեղեցագիտութեան ուսուցիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի հրաւէրով։ Աշակերտները Մայրավանքէն ներս նախաճաշեցին, ապա ծանօթացան Կաթողիկոսարանի գործունէութեան եւ զանազան բաժանմունքներուն. անոնք այցելեցին Մայր Տաճար, Նահատակաց Մատուռ, միաբանական դամբարան եւ «Կիլիկիա» Թանգարան։ Կաթողիկոսարանի ծանօթացումէն…

ՍՈԽԻ ՑԱՆՔ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2019-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ դասարանի երեխաները Մանկապարտէզի պարտէզէն ներս  հերկեցին հողը, ցանեցին սոխը եւ զայն ջրեցին:

ՄԱՐԻՆԷ ՂԱԶԱՐԵԱՆ ԺԱ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտները գրականութեան հաճելի դասապահ մը անցուցին Երեւանի Պետական Համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի դասախօս Մարինէ Ղազարեանի հետ։ Հետաքրքրական քննարկում մը տեղի ունեցաւ Յ. Օշականի «Ծակ Պտուկը» վէպին մասին։ Մարինէ Ղազարեան աշակերտներուն հետ արծարծեց Օշականի ստեղծած գլխաւոր կերպարներուն ներաշխարհը յուզող հարցերը եւ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 11 Ապրիլ  2019-ի առաւօտեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս այցելեց Ճեմարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անդամներու կողմէ: Սրբազանը նախ ծանօթացաւ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի անձնակազմին եւ աշխատելաձեւին, ապա շրջագայեցաւ կառոյցին զանազան բաժինները: Այնուհետեւ դպրոցի մայր շէնքին մէջ տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի նախօրեակին, տիկին Սեդա Խտըշեան Գ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Պիքֆայայի նահատակաց յուշարձանը եւ անոր հեղինակը՝ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանը: Ներկայացումը անցաւ շատ հաճելի եւ երկխօսութեան մթնոլորտի մը մէջ: Ներկայացման աւարտին հնչեցին հետաքրքրական հարցումներ, որոնք լուսաբանուեցան տիկին Խտըշեանին կողմէն:

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` ԳԱԼԻՆ ԳԻԼԷՃԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ

Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2019-ին, Միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներէն Գալին Գիլէճեան Գ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու գործունէութիւնը: Աշակերտները ուշի-ուշով հետեւեցան Գալինին պատրաստած ներկայացման եւ ուղղեցին իրենց հարցումները: Վարձքդ կատար, սիրելի Գալին:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՊԸԲ» ԿԵԴՐՈՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Ուրբաթ 5 Ապրիլ 2019-ին,  երկրորդական բաժինի Ժ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած բացատրութիւններուն, դիտեցին տեսերիզ մը, ապա շրջեցան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները:

ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ. ՎԱՌԱԿ-ՆԱՐԵԿ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ԱՆՆԱ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 աշակերտներ՝ տարիքային երեք խումբերու բաժնուած (6-8, 9-12 եւ 13-16): Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ճեմարանականներ Աննա Կիւրիւնլեան եւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան դարձած են մրցանակակիր:…

ՃԻՇԴ ՀՆՉԵԼՈՒ ՄՐՑԱՆՔ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ

2019 թուականի Յունուար ամսուն, Ճեմարանէն ներս մեկնարկած էր ճիշդ հնչելու մրցանք մը, որուն կը մասնակցէին Նախակրթարանի Զ. եւ Միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները: Մրցանքին յաղթողներուն անունները յայտարարուեցան Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին: Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. Զ. դասարան Արամ Աղասարգիսեան Զ. դասարան Արազ Խտըրեան Ալիք Մելքոնեան  Լոռի Մխճեան Միքայէլլա…