Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, մենք՝ Ը. դասարանի աշակերտներս, երկու շաբաթ աշխատելէ ետք պատրաստեցինք Կոմիտասի նուիրուած թանգարան մը դպրոցէն ներս: Աշխատանքը կատարուեցաւ հայերէն լեզուի պահերուն, զբօսանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Շաբաթ օրով:
Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ թանգարանին բացումը, որուն ընթացքին բացման կարճ խօսքէ մը ետք, իւրաքանչիւր աշակերտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ երաժիշտին կեանքին մասին, մինչ մեր դասընկերուհին կը նուագէր Կոմիտասի յօրինած երաժշտութիւններէն:
Շատ հաճելի եւ անմոռանալի փորձառութիւն մըն էր: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան եւ ներկայ գտնուեցան:
Կլօրիա, Գալին, Սանան, Կարին, Անժելինա
Ը. դասարան
