ՔՈՒՃԱՔԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ՎԵՐԺԻՆ ՔՈՒՃԱՔԵԱՆՆԵՐՈՒ
Մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Ճեմարանի բարերարներէն` Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Սոնիա Գուճաքեանները, ի շարս զանազան այլ նուիրատուութիւններու, մեզի յայտնած են, թէ Գուճաքեան հիմնարկութիւնը որոշած է իրենց ծնողաց` Աբրահամ եւ Վերժին Քուճաքեանի յիշատակին, յառաջիկայ քառամսեայ ժամկէտով (Յուլիսէն – Հոկտեմբեր 2022-ի աւարտ) Ճեմարանին կատարուող նուիրատուութիւններու գումարը կրկնապատկել, առաւելագոյնը…
