Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 10 Յունիս 2022-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց դասարանէն ներս հիւրընկալեցին Ճեմարանի շրջանաւարտ Տոքթ. Իշխան Եղիայեանը, որ անոնց փոխանցեց ընդհանուր առողջապահութեան եւ ակռաներու խնամքի մասին գիտելիքներ: Աշակերտները ուշի ուշով հետեւեցան պարոն Եղիայեանի բացատրութեան, որուն աւարտին ուղղեցին իրենց հարցումներն ու ստացան անոնց լուսաբանութիւնը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔ
