ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ արտակարգ վիճակէն ետք կարօտով կը սպասէին հաւաքական աշխատանքներուն, հանդէսներուն, ծնողական հանդիպումներուն եւ դասարանային պտոյտներուն: Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն՝ ան ըսաւ. «Սիրելի Կանաչ դասարանի փոքրիկներ, եղէ՛ք միշտ ուրախ, առողջ եւ յաջող: Տարիները շուտ կ’անցնին, եւ տասներկու տարիներ ետք դարձեալ բեմ պիտի բարձրանաք՝ աւելի մեծցած, եւ այս անգամ պիտի ստանաք Ճեմարանի վկայականը»: Այնուհետեւ, մանկապարիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն, որոնք հակառակ անցնող երկու ծանր տարիներու համաճարակային, տնտեսական ու քաղաքական ժգնաժամային պայմաններուն, շնորհիւ իրենց կամքին եւ հայ դպրոցին առաքելութեան հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին, կանգուն պահեցին Ճեմարանի մանկապարտէզը: Վերջապէս, եզրափակելով իր խօսքը՝ Եահնիյեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք հակառակ վերոյիշեալ դժուար պայմաններուն՝ իրենց զաւակները վստահեցան Նորսիկեան մանկապարտէզին եւ նեցուկ կանգնեցան վերջինիս:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»: Կանաչ դասարանի փոքրիկները, գունաւոր հագուստներ հագած՝ երգեցին հայերէն եւ արաբերէն երգեր, նուագեցին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Լիբանանը, Յունաստանը, Ռուսիան, Պրազիլն ու Հայաստանը եւ պարեցին իւրաքանչիւր երկրէ ազգային պար մը:

Հանդէսին աւարտին, Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Գաբրիէլեան Նարօտ, Ժուտիէհ Գայիանէ, Ճէրէճեան Անի, Սերայլեան Լիանա, Սեփէթճեան Արին, Տէր Պօղոսեան Տեսիլ-Ռիթա, Արթին Ճոն-Լուի, Կարապետ Ովկիան, Մենզոյեան Ալեքս, Նիզեան Սեւակ, Պարսումեան Վահագն, Փեհլուլեան Միհրան, Թիթիզեան Վանա, Խանճեան Սիէլ, Մահտեսեան Ռուպի, Մարկոսեան Լիլա, Սագայեան Սեւանա, Գէլեան Հրակ, Գէլէքեան Սուրէն-Սերժ, Խորոսեան Դրօ, Մանուկեան Կարէն, Մսըրլեան Մենուա, Ներսէսեան Ֆրետէրիք, Քէնտիրճեան Կարօտ-Արա եւ Քէնտիրճեան Դրօ-Դաւիթ:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, զոր երգեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի վկայեալ աշակերտները: