Հինգշաբթի, 23 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Վահագն Աթաբէկեանի, պետական դէմքերու, Քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին շրջանաւարտները, որոնք հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Արամ Հանտեան: Ան ըսաւ. «Ճեմարան՝ փոքր անուն մը հզօր իմաստով։ Երբ Ճեմարան կ’ըսենք, կը զգանք շունչը եւ ոգին անոր հիմնադիրներուն, որոնք ստեղծեցին Ճեմարանը նպատակ ունենալով հայութեան պահպանումն ու գոյատեւումը օտարութեան մէջ։ Մինչեւ օրս այս դպրոցը կը ծառայէ այդ նպատակին։ Հետաքրքրական ինքնութիւն մըն է Ճեմարանական ըլլալը։ Հո՜ն մենք մեզ կը զգանք աշակերտէ աւելի հարազատ հոգեկապուած մեծ ընտանիքի անդամներ…»։ Ապա հակիրճ անդրադարձ մը կատարելէ ետք իր Ճեմարանի մէջ անցուցած օրերուն, ան երախտագիտական խօսքերով ցտեսութիւն յայտնեց բոլորին «ուխտավայր Ճեմարանին»: Ի վերջոյ, ան աւարտական դասարանին անունով խնդրեց իրենց ծնողներէն ոտքի ելլել, եւ իւրաքանչիւրը ծաղիկներ նուիրեց իր ծնողքին՝ արտայայտելով իրենց անհուն երախտագիտութիւնը անոնց: Բացման խօսքէն ետք, աւարտական դասարանի աշակերտները ներկաները հմայեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով: Շահան Նաճարեան դաշնամուրով նուագեց Ա. Պապաճանեանի «Մեղեդի»ն, որուն յաջորդեց Փաթիլ Զարմէնեանին նուագակցութեամբ Պապաճանեանի «Ազգ իմ փառապանծ» նուագը: Ապա խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ջահերթ» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն բաժիններ: Այնուհետեւ Կլօրիա Ժալըֆեան եւ Կարին Եղիայեան ընթերցեցին ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտուհիներ պարեցին «Պինկէօլ»-ը: Աւարտական դասարանին կողմէ «Ցտեսութիւն Ճեմարան»-ը ընթերցեց Լորի Եահնիյեան: Ան ըսաւ. «…Չեմ գիտեր արդեօք, պէտք է խնդա՞մ թէ լամ։ Ի՞նչպէս բաժնուիմ քեզմէ։ Այո՜, ճիշդ է, որ առաւօտները դժգոհելով կու գայի դպրոց. չէի սիրեր արթննալը, երկար ժամեր դաս սորվիլները, կը բարկանայի քեզմէ, կ’ըմբոստանայի, սակայն յաջորդ օրն իսկ դուն կը մոռնայիր այս բոլորը եւ զիս կ’ընդունէիր դարձեալ թեւերդ բաց, ներողամիտ աչքերով եւ ժպիտով։ Բայց գիտե՞ս, քեզի գաղտնիք մը ըսե՞մ, հիմա ալ դժգոհելով կը բաժնուիմ քեզմէ. Տխուր եմ, կը ցաւիմ. Տարօրինակ է, չէ՞։ Դուն ինծի սորվեցուցիր ըլլալ ընկերասէր, լայնամիտ, ազնիւ, տուիր շունչ սորվեցուցիր ձգտիլ մի՛շտ աւելիին, մի՛շտ դէպի յառաջ։ Տուիր ինծի սէր, գուրգուրանք, տաքուկ ուսուցիչներ եւ մանաւա՛նդ աննման ընկերներ…»։ Զգայացունց այս ընթերցումին աւարտին բեմ բարձրացան Վառակ-Նարեկ Մանուկեանը եւ Արմէն Եղիայեանը կիթառով, իսկ Արտակ Ասատուրեանը, Հրակ Լախեանը եւ Հրանդ Քիւրքճեանը երգելով եւ ներկայացուցին Ռուբէն Հախվերտեանի «Հին ընկեր» երգը, որ արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին: Յայտագիրը աւարտեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ՝ աւարտական դասարանի աշակերտներուն սրտի խօսքերու փոխանցումով:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Վառակ – Նարեկ Մանուկեան արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ Աւարտական դասարաններու գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակներուն: Աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակը ստացաւ Արմէն Եղիայեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ի մրցանակին արժանացան Նանար Այնթապլեան, Լորի Եահնիյեան եւ Ցօղիկ Թրթռեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացան Ալիք Ահարութեան եւ Լարա Ալեքսանեան: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Արմէն Եղիայեան եւ Լիլա Մաքտեսեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Արամ Հանտեան: «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացան Մարիա Գափլանեան եւ Լորի Եահնիյեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Շահան Նաճարեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացաւ Փաթիլ Զարմէնեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Վարագ Պալապանեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Ռալֆ-Յովհաննէս Աննայեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացաւ Աբրահամ Արբաճեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Արմէն Եղիայեան եւ Վարագ Պալապանեան, Լորի Եահնիյեան եւ Լէա Պուտաքեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակին արժանացաւ Ժիւլիանա Թրթռեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացան Մեղրի Գասապեան եւ Լոռիթա Սրուրեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժապացան Ալիք Ղազար եւ Լիլիթ Տէﬕրճեան: Վերոյիշեալ մրցանակներէն բացի, «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակի ծիրէն ներս, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստացաւ նաեւ քաջալերական նուէր գումար մը, իսկ «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակէն գումար մը փոխանցուեցաւ դպրոցի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին։ Յատուկ շնորհակալութիւն մրցանակներուն գումարները ապահովող Ճեմարանի բարեկամ ընտանիքներուն եւ անհատներուն:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք, Փաուլա Եղիայեան փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ողջունեց ներկաները ըսելով. «Նախորդ երկու տարեշրջաններու տարեվերջի հանդէսները տեղի ունեցան սեղմ պայմաններու մէջ եւ երկու տարիներու դադարէ մը ետք այսօր կրկին կարելիութիւնը ունեցանք հաւաքուելու եւ միասնաբար ըմբոշխնելու աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրը: Ճեմարանը կարօտցեր էր իր շրջափակէն ներս հիւրընկալելու իր մեծաթիւ հարազատները. Ճեմարանի սրահները կարօտցեր էին խմբային ասմունքները, խմբերգները, խմբային պարերը, մեզի թեւ ու թռիչք տուող եւ բեմը զարդարող մեր աշակերտներուն խօսքերն ու կատարումները եւ ներկաներուն գնահատական ծափահարութիւնները. բարի եկաք»: Ապա շադունակեց. «Տարեվերջի հանդէսն ու աւարտական դասարանի աշակերտներու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը իր եզակի դրոշմը կը ձգէ իւրաքանչիւր շրջաւանարտի կեանքին մէջ. այս օրը յատկանշական է մեր շրջանաւարտներուն, իրենց հարազատներուն եւ Ճեմարանի անձնակազմին համար. այս հանդիսութիւնը մեր շրջանաւարտներուն համար իրենց դպրոցական տարիներուն ու կեանքի նոր հանգրուանին միջեւ ուրախ ու հպարտ, բայց միաժամանակ զգացական եւ յուզիչ յիշատակելի կամուրջ մըն է: Այս հանդիսութիւնը նաեւ լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ հրապարակաւ մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտներու Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն, ծնողներուն, պաշտօնակիցներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն ըլլան անոնք անհատներ, միութիւններ կամ հիմնարկութիւններ: Մեծաթիւ են անոնք, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ մեր կողքին կը գտնուին, քաջ հաւատալով, որ 92 տարիներ առաջ հիմնուած այս կրթօճախը տակաւին շատ սերունդներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն: Շնորհակալութիւն բոլորին: Հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր բոլորս կ՛ապրինք զանազան տեսակի եւ հետզհետէ բարդացող վերիվայրումներ. Ճեմարանն ալ իր կարգին զերծ չմնաց այս անկայուն ու տագնապալի կացութենէն. մեզ շրջապատող դժուարութիւնները մաս կազմեցին ու տակաւին մաս կը կազմեն մեր առօրեային ահաւասիկ երեք տարեշրջաններէ ի վեր սակայն Հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն ու հայ աշակերտի դաստիարակութիւնը առաջնահերթ դիրքի վրայ ունենալու մեր պատրաստակամութիւնը չճանչցան խոչընդոտ եւ դժուարութիւն ու Ճեմարանը շարունակեց իր առաքելութիւնը, իսկ Ճեմարանի ուսուցիչը նոյն թափով ու կորովով շարունակեց իր նուիրուած աշխատանքը…: Մեզ եւ մեր շրջապատը ընկճող կացութեան դիմաց Ճեմարանը չընկրկեցաւ, այլ ընդհակառակը՝ մեր կրթօճախէն ներս անպակաս եղան դաստիարակչական եւ այլազան բարեկարգման ծրագիրներ եւ մեր շուրջ հաւաքուեցան աշխարհասփիւռ մեր Ճեմարանականները: Բոլորին վարձքը կատա՛ր»:
Վկայականներու բաշխումէն առաջ, Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Ձեր ծնողները ծով համբերութեամբ եւ չափազանց հոգատարութեամբ միշտ եղան ձեր կողքին. գուրգուրացին, խրատեցին, բարկացան եւ օգնեցին, ձեզի հետ ապրելով ձեր տխրութիւններն ու ուրախութիւնները, ձեր պարտութիւններն ու յաղթանակները, ձեր ձեռքբերումներն ու փորձառութիւնները միշտ ձեզ ուղղելով, որ ըլլաք լաւ մարդ ու լաւ հայ: Ճեմարանի անձնակազմը ընկերակցեցաւ ձեզի դպրոցական ձեր բոլոր հանգրուաններուն, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, իր ժպիտով ու դէմքի արտայայտութիւններվ, իր նկարագրային եւ աշխատանքային իւրայատկութիւններով, իր դժուարութիւններով ու չարաճճիութիւններով կը գրաւէ իր յատուկ տեղը՝ մեր սրտերուն մէջ: Քիչ առաջ, տեսերիզի ցուցադրութեան ժամանակ, իւրաքանչիւրդ ներկայացուցիք Ճեմարանը՝ մէկ բառով. ըսիք՝ տուն, երկրորդ տուն, ընտանիք, ընկերներ: Այո, Ճեմարանը այդ բոլորն է. այդ բոլորն է ու աւելին: Ճեմարանը սոսկ կրթական հաստատութիւն մը չէ. Ճեմարանը այն նաւն է, որ կը թիաւարէ հոսանքն ի վեր, դէմ դնելով իր դէմ հանդիսացող տագնապներուն: Ճեմարանը այն փարոսն է, որ կը լուսաւորէ ու կը պայծառացնէ հայ աշակերտին միտքն ու հոգին: Ճեմարանը այն տունն է, որ օտարամոլութիւններէ եւ ցուցամոլութիւններէ հեռու՝ առաջնակարգ դիրքի վրայ կը պահէ հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ճեմարանը այն վայրն է, որուն հարազատ յարկին ներքեւ հայ աշակերտին կեանքը ուրախ եւ միշտ ազատ կը ծաղկի: Թէեւ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալները, Ճեմարանի հիմնադիրներ՝ Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կայ անոնց տեսլականը, ու կը շարունակուի անոնց սկսած սրբազան առաքելութիւնը»:
Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։
Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.
Ակոբ Օղլի Մարիա, Ահարութեան Ալիք, Այնթապլեան Նանար, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա, Խաչատուրեան Լորի, Մաքտեսեան Լիլա, Թրթռեան Ցօղիկ, Թիքիճեան Օրօր, Արբաճեան Աբրահամ, Ասատուրեան Արտակ, Հանտեան Արամ, Գասապեան Սերոբ, Նաճարեան Շահան, Եղիայեան Արմէն, Քիւրքճեան Հրանդ, Լախեան Հրակ, Մանուկեան Վառակ-Նարեկ, Ալեքսանեան Լարա, Սեմէրճեան Ռիթա, Եահնիյեան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Աննայեան Ռալֆ-Յովհաննէս, Պալապանեան Վարագ, Խանճեան Մայքլ:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Յիշենք նաեւ, որ Ճեմարանի աւարտական դասարանի հանդէսէն մօտ շաբաթ մը ետք, յայտարարուեցան ֆրանսական պաքալորէայի արդիւնքները, եւ բոլոր շրջանաւարտները յաջողեցան, ապահովելով շատ լաւ արդիւնքներ: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք զիրենք:
