ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարաններու փոքրիկները այցելեցին Մթայլէպի «Spinneys» հանրախանութը՝ նախաճաշի  սննդական նիւթեր գնելու համար: «Spinneys»-ի անձնակազմը փոքրիկներուն համար պատրաստած էր հիւրասիրութիւն՝ կրկնեփուկեւ հիւթ:

Ուրբաթ առաւօտեան, նախաճաշի պահուն, աշակերտները մեծ ուրախութեամբ ճաշակեցին իրենց գնած սննդարար ուտելիքները: