ԹՈՒՂԹԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Նախնական դարաշրջանին մարդը իր միտքը գծագրութիւններով արձանագրած է ժայռերու վրայ , քարայրներու մէջ: Գրելու արուեստը անցած է զանազան փուլերէ: Մարդիկ արձանագրութիւններ կատարած են սալիկի, պապիրոսի, մագաղաթի վրայ մինչեւ թուղթի գիւտը՝ Ա. դար:
Հայերէնի դասապահուն, «Գրելու արուեստը» բնաբանի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները ստացան գիտական եւ պատմական տեղեկութիւններ քաղաքակրթութեան մեծագոյն նուաճումներէն՝ թուղթի ստեղծման պատմութեան, տպագրութեան գիւտին , անցեալի եւ ներկայի գրելու ձեւերուն մասին: Անոնք ծանօթացան Հայ տպագրութեան , տպագրական գործիքներուն եւ առաջին հայ տպագիր գիրքին՝ Ուրբաթագիրքին , որ կատարուած է Վենետիկի Ս. Ղազար վանքի տպարանին մէջ նահապետ Յակոբ Մեղապարտի ջանքերով:

Դասի աւարտին աշակերտները հին թերթեր վերամշակելով պատրաստեցին նոր թուղթեր: Անոնք որոշեցին խնայողաբար օգտագործել իրենց տետրակները պահպանելու համար բնութիւնը: