ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ (AUB)

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Միրա Համզէ եւ Սապին Մելքիսէթեան ԺԲ. Դասարանի աշակերտներուն ներկայացուցին համալսարան ընդունման անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։ Ներկայացման աւարտին անոնք պատասխանեցին աշակերտներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013-ին մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Մուաաուատ» գրախանութը՝ ամրապնդելու համար գրախանութի վերաբերեալ իրենց գիտելիքներն ու բառամթերքը։ Անոնք շրջեցան գրախանութին զանազան բաժինները եւ դիտեցին գրենական պիտոյքները։

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2013-ին, L.A.U. համալսարանի ընդունման գրասենեակէն Մեղրի Խօշեան ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց L.A.U. –ի տարբեր մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին։ Ան շեշտեց, որ L.A.U համալսարանը կրթանպաստի զանազան դիւրութիւններ կու տայ ուսանողներուն։ Ներկայացման աւարտին, Խօշեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2013-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2013-ին, հայերէնի դասապահուն, ութերորդ դասարանի աշակերտներէն՝ Նանի Գալուստեան, իր դասընկերներուն խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնին մասին, որուն շնորհիւ հինգերորդ դարը դարձած է հայոց պատմութեան Լուսաւորութեան Ոսկեդարը: Ան ներկայացուց Հայաստանի իրավիճակը եւ ընդգծեց Թարգմանչաց սերունդին կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը: Նանին նշեց, որ Հայոց Պատմութեան մեծագոյն տօնն է «Սրբոց Թարգմանչաց»ը,…

“L’ALPHABET EN CHANTANT”

Չորեքշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013-ին տարրական բաժինի Բ. դասարաններու աշակերտները մեծ հաճոյքով կատարեցին իրենց վերաքաղ-դասը՝ ուշիմ գրատախտակով (Smart Board):

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2013-2014 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 11-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 18-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերին տարրական բաժինի Առաջին դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Անոնք Ճեմարանի…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2012-2013 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն յաջողած են Թ. դասարանի 42 աշակերտներէն 39-ը: Ստորեւ յաջողած աշակերտներուն անունները. Պոյաճեան Սեւանա, Գարտաշեան Լէթիսիա, Քեչէպաշեան Նարօտ, Խաչատուրեան Ծիլա, Լոզոյեան Արին, Մելքոնեան Սելին, Մեսրոպեան Ալիք (լաւ), Նորամանեան Նարօտ, Սարգիսեան Սերին, Չոքաքլեան Արին,…

ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի մէջ կը կիրարկուի տարբեր բնոյթի ծրագիր մը. Երկուշաբթի՝ մարզական, Երեքշաբթի՝ խոհանոցի, Չորեքշաբթի՝ լողաւազանի, Հինգշաբթի՝ ձեռային աշխատանքի, իսկ Ուրբաթ՝ պարտէզի օր է: Երեխաները այս մէկ ամսուան ընթացքին կ՚ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընդմէջէն, կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով անուշեղէններու պատրաստութեան, լողաւազաններու մէջ…

ՔԵՐՄԷՍ

2012-2013 տարեշրջանը փակուեցաւ Ճեմարանի աւանդական քերմէսով, որ փոխարինելով վերջին տարիներու ամավերջի հանդէսներէն երկուքը՝ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցին բացօթեայ դաշտերուն վրայ, Ուրբաթ 5 եւ Շաբաթ 6 Յուլիս, 2013-ին: Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը, շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ գործի լծուած էին: Բծախնդրութեամբ ընտրուած խաղերը՝ մարզական թէ դաստիարակիչ, յարմար էին թէ՛…