ՔԵՐՄԷՍ

2012-2013 տարեշրջանը փակուեցաւ Ճեմարանի աւանդական քերմէսով, որ փոխարինելով վերջին տարիներու ամավերջի հանդէսներէն երկուքը՝ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցին բացօթեայ դաշտերուն վրայ, Ուրբաթ 5 եւ Շաբաթ 6 Յուլիս, 2013-ին: Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմը, շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու ծնողներ գործի լծուած էին: Բծախնդրութեամբ ընտրուած խաղերը՝ մարզական թէ դաստիարակիչ, յարմար էին թէ՛ երեխաներուն, թէ՛ պատանիներուն: Քերմէսի երկու օրերուն ընթացքին տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու աշակերտները հանդէս եկան երգերով, պարերով ու թատերական ներկայացումներով եւ արժանացան ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն: Տեղի ունեցաւ նաեւ աշակերտներուն գծագրութիւններուն եւ ձեռային աշխատանքներուն ցուցահանդէսը: Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան քերմէսը փակուեցաւ խորովածի երեկոյով մը, Գարագաշեան սրահէն ներս, ուր ընտանեկան հաճելի եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկաները ուրախ ժամեր անցուցին եւ Ճեմարանէն հեռացան յառաջիկային նոյնանման գեղեցիկ նախաձեռնութեան մը դարձեալ ներկայ գտնուելու ակնկալութեամբ: