ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի մէջ կը կիրարկուի տարբեր բնոյթի ծրագիր մը. Երկուշաբթի՝ մարզական, Երեքշաբթի՝ խոհանոցի, Չորեքշաբթի՝ լողաւազանի, Հինգշաբթի՝ ձեռային աշխատանքի, իսկ Ուրբաթ՝ պարտէզի օր է: Երեխաները այս մէկ ամսուան ընթացքին կ՚ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընդմէջէն, կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով անուշեղէններու պատրաստութեան, լողաւազաններու մէջ ուրախ ժամանակ կ՚անցընեն ընկերներու հետ եւ առիթը կ՚ունենան հաճելի ժամեր անցընելու բնութեան գիրկը՝ ազատօրէն վազվզելով ու ցատկռտելով դպրոցի պարտէզներուն մէջ։ Մանկամսուրի փոքրիկներուն ամառուան արձակուրդը կը սկսի 31 Յուլիսին։ Անոնք դպրոց կը վերադառնան Սեպտեմբերին։