ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2013-2014 տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ ինչպէս միշտ հանգրուանային ձեւով: Սեպտեմբեր 11-ին երկրորդական բաժինի, ինչպէս նաեւ միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները արդէն իսկ վերադարձան դպրոց: Սեպտեմբեր 18-ին ամբողջացաւ միջնակարգի վերամուտը: Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբերին տարրական բաժինի Առաջին դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց ծնողներուն հետ: Անոնք Ճեմարանի քայլերգը երգելէ ետք, «մնաք բարով» ըսին մանկապարտէզի իրենց ուսուցիչներուն եւ այս տարեշրջանի ուսուցիչներուն միանալով ծանօթացան իրենց դասարաններուն ու դպրոցին բաժանումներուն: Հիւրասիրութենէ ետք, անոնք նուէրներով տուն վերադարձան: Այդ օրը, ծնողները ծանօթացան տարրական բաժինի օրէնքներուն: Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբերը վերամուտն էր տարրական բաժինի Բ. եւ Գ. դասարանի ու նախակրթարանի աշակերտներուն: Հինգշաբթի 27 Սեպտեմբերին, արդէն Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի դպրոցական կեանքը աւելի բնականոն դարձաւ տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն վերամուտով: Այդ օրը, առաւօտեան զբօսանքին, բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր տեղի ունեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի պաշտօնական բացումը: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին։ Ան ողջոյնի յատուկ խօսք փոխանցեց տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտներուն, որոնք բոլորովին նոր շէնքի մէջ են, պիտի ունենան նոր ուսուցիչներ։ Տնօրէնը շեշտեց ընկերասիրութեան եւ իրարու օգնելու կարեւորութիւնը դպրոցական առօրեայի ընթացքին. ան անդրադարձաւ Ճեմարանի իւրայատուկ գիտակից կարգապահութեան, որ կը կիրարկուի ինքնաբերաբար, առանց խիստ պատժամիջոցներու։ Ան յաջողութիւն մաղթեց մասնաւորաբար աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ շեշտեց դպրոցական կեանքի աւարտին ճեմարանի վկայականին արժէքը։ Ապա աշակերտները երգեցին Ճեմարանի քայլերգը եւ բարձրացան իրենց դասարանները: