ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2013-ին Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Պայթարեան հաստատութիւն՝ դիտելու կարի գործիքները։ Աշակերտները շրջեցան հաստատութեան զանազան յարկերը եւ ծանօթացան դերձակին աշխատանքի զանազան հանգրուաններուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն գործարանի բակին մէջ։