ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2013-ին, հայերէնի դասապահուն, ութերորդ դասարանի աշակերտներէն՝ Նանի Գալուստեան, իր դասընկերներուն խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնին մասին, որուն շնորհիւ հինգերորդ դարը դարձած է հայոց պատմութեան Լուսաւորութեան Ոսկեդարը: Ան ներկայացուց Հայաստանի իրավիճակը եւ ընդգծեց Թարգմանչաց սերունդին կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը: Նանին նշեց, որ Հայոց Պատմութեան մեծագոյն տօնն է «Սրբոց Թարգմանչաց»ը, որ տօնն է հայ մշակոյթին: Տօնը նաեւ հայ գիրի ու դպրութեան, որովհետեւ մեր ժողովուրդը կենդանի ու առողջ պահող ու մշակութային մեր արժէքները անմահացնող լուսաւոր ուղին է: Աւելի՛ն: Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան արմատաւորման եւ հոգեմտաւոր հարստութեան ծաղկումին սատարող անզուգական նախաձեռնութիւնը, որ իրականացած է շնորհիւ Վռամշապուհ Արքայի, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի միացեալ ճիգերուն: Այնուհետեւ, ըսաւ ան, ամէնուրեք կառուցուեցան դպրոցներ, ուսման եւ կրթութեան օճախներ, ուր հայ մանուկը սկսաւ սորվիլ մեսրոպեան լեզուն ու պաշտել իր հայրերուն Աստուածը մայրենի լեզուով: Ներկայացումէն ետք աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու իրենց դասընկերուհիին, որ գոհացում տուաւ անոնց հետաքրքրութեան: