“LE RETOUR DES INDIENS”
Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015-ին, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան “LE RETOUR DES INDIENS” ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացումին:
Ուրբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2015-ին, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները ներկայ գտնուեցան “LE RETOUR DES INDIENS” ֆրանսերէն լեզուով երաժշտախառն ներկայացումին:
Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած «մինի պասքէթ»ի մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Նանոր Հէյպէլեան, Օրօր Թիքիճեան, Լոռի Եահնիյեան, Լիլա Մաքտէսեան, Սէրլի Զաքարեան, Հերա Տէր Աբրահամեան, Սելին Գասապեան, Լէա Պուտագեան, Հիլտա Գասապեան, Ճոյա Տօնիկեան, Սանան Քէշիշեան, Ալինա Վասիլեան,…
Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2015-ին դպրոցիս ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան Հայկազեան համալսարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի ուսանողներուն ներկայացուց «ընկերային ծառայութիւնը դպրոցէն ներս» նիւթը:
Չորեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2015-ին, մանկամսուրի փոքրիկները նարինջը դիտեցին, քամեցին ու համտեսեցին:
Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015-ին կապոյտ դասարաններու աշակերտները այցելեցին դպրոցին մօտակայ յարկաբաժին մը, դիտելու տան զանազան բաժանումները եւ ամրապնդելու համար դասարանէն ներս իրենց սորվածները։ Այցելութիւնը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ։
Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2015-ին թմրամոլութեան կանխարգիլման «Հորիզոն» կեդրոնէն ներկայացաւ Թելօ Օհաննէսեան եւ Ը. Դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ թմրամոլութեան մասին: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս կը սկսի պատանին փորձելու համար ծխել կամ թմրեցուցիչ գործածել ու կ’իյնայ այս մոլութեան մէջ, որմէ ձերբազատիլը շատ դժուար է: Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները եւ անոնց…
Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2015-ին երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն երեք աշակերտներ՝ Յակոբ Թաշճեան, Սէրուժ Յովսէփեան եւ Բալիկ Ծատուրեան ֆրանսերէն լեզուի համադրող եւ ուսուցչուհի Անի Կէօքճեանի հետ մասնակցեցան N.D.U. համալսարանի կազմակերպած «4 մասնակից, 4 օր, 4 վայրկեան» ֆիլմի պատրաստութեան մրցանքին: Նկարահանումները տեղի ունեցան դպրոցին մէջ, տրուած ըլլալով որ ֆիլմի պատրաստութեան…
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2015ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած ճատրակի մրցումը Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ. մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցումի աւարտին, Ճատրակի վարժարաններու խմբային դասաւորման մէջ Ճեմարան հանդիսացաւ առաջին (26,5 կէտ): Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները. 8 տարեկան…
Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2015-ին տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները արաբերէնի դասապահուն լիբանանեան նախաճաշի սեղան մը պատրաստեցին եւ միասին ճաշակեցին տեղական համեղ արտադրութիւնները:
Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները աշնան պտուղներով աղցան պատրաստեցին ու ճաշակեցին:
Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի աշակերտները Լիբանանի նուիրուած երգերով եւ արտասանութիւններով նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը: Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Լիբանանի քայլերգով:
Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց պատմութեան-աշխարհագրութեան ուսուցչուհի Շողիկ Փելթէքեանին եւ իրենց ուսողութեան ուսուցիչ Հրակ Խաչիկ Տէմիրճեանին, այցելեցին «Սէն Ժոզէֆ» եւ «Լիւմիէր Լիոն 2» համալսարաններու կողմէ կազմակերպուած «Մարդկութիւնը եւ Լիբանանի բնութիւնը. յարմարեցման 200 000 տարի» (L’homme et le paysage au Liban. 200 000…