“L’homme et le paysage au Liban. 200 000 ans d’adaptation”

Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2015-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց պատմութեան-աշխարհագրութեան ուսուցչուհի Շողիկ Փելթէքեանին եւ իրենց ուսողութեան ուսուցիչ Հրակ Խաչիկ Տէմիրճեանին, այցելեցին «Սէն Ժոզէֆ» եւ «Լիւմիէր Լիոն 2» համալսարաններու կողմէ կազմակերպուած «Մարդկութիւնը եւ Լիբանանի բնութիւնը. յարմարեցման 200 000 տարի» (L’homme et le paysage au Liban. 200 000 ans d’adaptation) խորագրուած ցուցահանդէսին, Սէն Ժոզէֆ եկեղեցւոյ հին դամբարան-գաւիթին մէջ: Այս ցուցահանդէսը ինքնուրոյն մօտեցմամբ կը ներկայացնէ Լիբանանի բնութիւնը եւ իր փոխ յարաբերութիւնները մարդուն հետ: Ցուցահանդէսը արդիւնքն էր գիտութեան տարբեր բնագաւառներու (պատմութիւն, աշխարհագիտութիւն, քիմիագիտութիւն, բնապատմութիւն…) մէջ աշխատող լիբանանցի եւ միջազգային գիտաշխատողներու համագործակցութեան: Ինք կը բաժնուի երեք մասերու. մարդուն ժամանակը, յարմարեցման ժամանակը եւ կլիմային ժամանակը: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան առաջնորդուհիին եւ անոր բացատրութիւններուն. Անոնք նոյնիսկ բախտն ու առիթը ունեցան տեսնուելու եւ լուսանկարուելու վաստակաւոր դասախօս, պատմաբան եւ հնագէտ, ներկայիս Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանի լուսանկարչական արխիւատան գլխաւոր տնօրէն Լեւոն Նորտիկեանի հետ: Աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան դպրոց: Մհեր Փելթէքեան Ժ. դասարան