ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ, 2014-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան վերջին ընդհանուր ժողովը: Խօսք առաւ միութեան նախագահ Ալիք Գանտահարեան, որ ըսաւ թէ բոլորր ձեռնարկները իրագործուեցան այս տարի: Լսարանական Միութեան գանձապահ Շանթ Տէրունեան ներկայացուց ամբողջ տարուան ընթացքին միութեան ապահոված շահը՝ 5 790 000 Լ.Ո.: Այս գումարէն 300 000 Լ.Ո. փոխանցուեցաւ յառաջիկայ…

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ, 2014-ին Լսարանական Միութիւնը կազմակերպեց զարգացման մրցում մը միջնակարգի աշակերտութեան համար: Մրցումի ընթացքին հարցուեցան Պատմական, Գրական, Մարզական եւ Այլազան հարցումներ: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան եւ ճիգ թափեցին լաւ արդիւնք ապահովելու: Ի վերջոյ յաղթեց Արշաւիր Շիրակեան Խումբը:

ԱՊՐԻԼ 24-Ի ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Երեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան ապրիլեան ձեռնարկը: Լսարանական Միութեան Նախագահ Ալիք Գանտարեանի բացման խօսքէն ետք, Հրակ Գարամինասեան երգեց եւ նուագեց «Սարերի Քամի» երգը, Ապա Ժ.-ԺԱ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած բանավէճ մը, որուն ընթացքին տրուեցան թեր եւ դէմ կարծիքներ հայոց Ցէղասպանութեան մասին: Բանավէճէն…

«ԹՈՒՄՕ»՝ ԾՐԱԳՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2014-ին Լսարանական Միութեան հիւրն էր ԹՈՒՄՕ արհեստագիտութեան կեդրոնի տնօրէնուհի եւ ճեմարանաւարտ Մարի-Լու Փափազեան: Ան ներկայացնելէ ետք իր կեանքը բացատրեց, թէ ի՛նչ է ԹՈՒՄՕ-ն եւ ինչպէս կը գործէ ան: ԹՈՒՄՕ-ն այն կեդրոնն է, ուր 12-18 տարեկան պատանիներուն եւ երիտասարդներուն կը մատուցուին անվճար դասընթացքներ՝ համակարգչային խաղերու ստեղծման,…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը: Բացման խօսքը արտասանեց Լսարանական Միութեան նախագահ Ալիք Գանտահարեան: Ձեռնարկի ընթացքին ԺԱ. Դասարանէն Վանայ Ճենանեան եւ Արի Կարպուշեան, իսկ ԺԲ. դասարանէն Սերուժ Հանտեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութիւններէն: Նարէ Աղասարգիսեան ներկայացուց նուագ մը,…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2014-ին Լսարանական Միութեան դասախօսն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան: Ան ներկայացուց մարզական կեանքը Լիբանանի մէջ եւ բացատրեց ՀՄԸՄի գործունէութիւնը ֆետերասիոնին մէջ: Տրուած ըլլալով որ Լսարանական Միութեան մէջ շատ են մարզիկները, այս դասախօսութիւնը արթնցուց անոնց հետաքրքրութիւնը:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԷՆ ԱՐՑԱԽ ԵՒ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ին, նախաձեռնութեամբ Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին տեղի ունեցաւ Արցախի հերոսներուն յիշատակին նուիրուած ծառատնկում՝ դպրոցի շրջափակին մէջ: ՋԱՀ յանձնախումբի անունով խօսք արտասանեց Յակոբ Գառնէշեան, որ նշեց թէ 26 տարի առաջ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան պայքարի եւ արեամբ մկրտուեցաւ…

ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂ

Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2014-ին, Լսարանական Միութիւնը հիւրընկալեց Հայկազեան համալսարանի ոտնագնդակի խումբը: Կէսօրուան ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ Լսարանական-Հայկազեան ոտնագնդակի խաղը: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան խաղին եւ քաջալերեցին իրենց դպրոցը: Խաղը աւարտեցաւ 7-5 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հայկազեանի:

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2014-ին, Լսարանական Միութեան դասախօսներն էին Զաւարեան Ուսանողական Միութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամներ: Անոնք աշակերտներուն ներկայացուցին Ջաւախքի շրջանը, կլիման, բնակչութեան պատկերը, ուսման դժուարութիւնները, քաղաքական հարցերը, եւայլն: Դասախօսութեան աւարտին, աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու:

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2013-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան ամանորի խրախճանքը, ներկայութեամբ մեծ թիւով աշակերտներու եւ ուսուցիչներու: Կերուխումէ եւ «Bingo»-ի խաղէն ետք սկսաւ պարերու շարանը, եւ ճոխ մթնոլորտը տիրեց սրահէն ներս: Աշակերտները գոհունակութեամբ վերադարձան տուն:

«FRANKFURTER NIGHT»

Լսարանական Միութեան այս տարեշրջանի առաջին խրախճանքը՝ «frankfurter night», տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2013-ին: Սրահին մուտքը զարդարուած էր «hotdog»-ի նկարներով, իսկ սրահին կեդրոնը վարչութիւնը շտկած էր սեղանները, ուրկէ անցնելով աշակերտները կրնային ընտրել իրենց նախասիրած ճաշերը: Կերուխումէ ետք շուրջպարով սկսաւ պարերու շարանը, եւ ճոխ մթնոլորտը շարունակուեցաւ հայկական ու օտար…

ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԵՐԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ

Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2013-ին, Լսարանական Միութեան հիւրերն էին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան: Առաջին հերթին խօսք առաւ Մհեր Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի պաշտօնական կայքէջը, որ կ’ընդգրկէ…