ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԷՆ ԱՐՑԱԽ ԵՒ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ին, նախաձեռնութեամբ Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբին տեղի ունեցաւ Արցախի հերոսներուն յիշատակին նուիրուած ծառատնկում՝ դպրոցի շրջափակին մէջ: ՋԱՀ յանձնախումբի անունով խօսք արտասանեց Յակոբ Գառնէշեան, որ նշեց թէ 26 տարի առաջ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան պայքարի եւ արեամբ մկրտուեցաւ Ղարաբաղը: Արցախի ազատագրական պայքարի ճակատագրական մէկ հանգրուանը հանդիսացող Շուշին ազատագրուեցաւ եւ մեր խոնարհ հերոսներու փաղանգին միացաւ հերոս մը եւս՝ ճեմարանական Վիգէն Զաքարեանը, որուն գերագոյն զոհաբերութեան օրինակը նոյն գրասեղաններուն վրայ նստող աշակերտներուն կը փոխանցէ Վիգէնին օրինակով ազգին ծառայելու ջահը: Գառնէշեան նշեց, որ ծառատնկումի այս ծրագիրը ոչ միայն բնապահպանութեան եւ կենսոլորտի մաքրութեան միտող ծրագիր է, այլ նաեւ արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին նահատակուած իւրաքանչիւր ազատամարտիկի յիշատակը վառ պահելու եւ իրենց հայրենասիրական ոգիով շարունակելու սրբազան ճանապարհը՝ հերոսական Արցախէն, Նախիջեւանէն, Ջաւախքէն, Արեւմտահայաստանէն եւ ամբողջական Հայաստանէն: Արցախեան ազատամարտիկ Ճեմարանաւարտ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած ծառատնկումէն ետք, կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան եւ միջնակարգ բաժնին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանքի ու Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարուեցաւ Լսարանական Միութեան անունով, որմէ ետք Ազդակ օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան խօսք առնելով զուգահեռ մը գծեց Վարդանանց, հայկական ապստամբութիւններուն եւ Արցախի ազատագրական պատերազմներուն միջեւ՝ շեշտը դնելով յաղթանակը գաղափարին վրայ, ապա ան ներկայացուց արցախեան պայքարի հանգրուանները հասնելով մինչեւ զինադադար եւ դիւանագիտական գործընթաց: Ապա Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք արցախեան գոյապայքարը, բարձր գնահատեց ազատամարտիկներու ցուցաբերած զոհաբերութեան ոգին՝ յատուկ կերպով յիշելով ճեմարանաւարտ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանը: Ան անդրադարձաւ Ազրպէյճանի վարած հակահայ քաղաքականութեան եւ զինադադարի իրերայաջորդ խախտումներուն՝ յիշելով 10 տարի առաջ Պուտափէշտի մէջ ազրպէյճանցի Սաֆարովի ձեռամբ կացինահարուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ հայութեան արդար պայքարը պիտի շարունակուի: Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին տեղի ունեցաւ Վարդանանքէն Արցախ պատգամներ փոխանցող թատերական ներկայացում մը, որ կ’ընդգրկէր երգ, նուագ եւ ասմունք՝ մասնակցութեամբ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն, ապա ցուցադրուեցաւ Լսարանական Միութեան պատրաստած տեսերիզը: Ձեռնարկը փակուեցաւ ազգագրական պարերով: