«FRANKFURTER NIGHT»

Լսարանական Միութեան այս տարեշրջանի առաջին խրախճանքը՝ «frankfurter night», տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2013-ին: Սրահին մուտքը զարդարուած էր «hotdog»-ի նկարներով, իսկ սրահին կեդրոնը վարչութիւնը շտկած էր սեղանները, ուրկէ անցնելով աշակերտները կրնային ընտրել իրենց նախասիրած ճաշերը: Կերուխումէ ետք շուրջպարով սկսաւ պարերու շարանը, եւ ճոխ մթնոլորտը շարունակուեցաւ հայկական ու օտար զանազան պարերով: Աշակերտները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն. անոնք անհամբեր կը սպասեն յաջորդ խրախճանքին: