ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2014-ին, Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը: Բացման խօսքը արտասանեց Լսարանական Միութեան նախագահ Ալիք Գանտահարեան: Ձեռնարկի ընթացքին ԺԱ. Դասարանէն Վանայ Ճենանեան եւ Արի Կարպուշեան, իսկ ԺԲ. դասարանէն Սերուժ Հանտեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութիւններէն: Նարէ Աղասարգիսեան ներկայացուց նուագ մը, ապա ցուցադրուեցաւ Մուշեղ Իշխանի նուիրուած տեսերիզ մը: Գեղարուեստական բաժինէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան ճինպաշեան ներկայացուց Մուշեղ Իշխան «լաւ մարդը եւ լաւ ուսուցիչը»: