ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԵՐԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ

Չորեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2013-ին, Լսարանական Միութեան հիւրերն էին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան: Առաջին հերթին խօսք առաւ Մհեր Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի պաշտօնական կայքէջը, որ կ’ընդգրկէ գրական, պատմական, քարտէսներու, յօդուածներու, փաստաթուղթերու եւ այլ բաժիններ: Ապա Էդիկ Մինասեան ներկայացուց պետական համալսարանը, յատկապէս՝ պատմութեան բաժինը, ուր կան իւրայատուկ մասնագիտութիւններ, ինչպէս՝ ցեղասպանագիտութիւն եւ սփիւռքագիտութիւն: Ան յայտնեց նաեւ, որ համալսարանը պատմութիւն ուսանելու դիւրութիւն ստեղծած է կայքէջի միջոցաւ: