ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 93-ԱՄԵԱԿ

Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2023-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տնօրէնուհին մանրամասնութեամբ ներկայացուց Ճեմարանի պատմութիւնը լսարանականներուն, սկսելով համազգայինի հիմնադրութենէն, ապա՝ Հայ Ճեմարանի հիմնադրութիւնը եւ անոր պատմութիւնը, մինչեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ներկան: