ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Լսարանական Միութեան Հայ Դատի խմբակին, Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ա. զբօսանքի աւարտին, տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք:
Ճեմարանի անձնակազմի անդամներ, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները, հաւաքուեցան բացօթեայ բակը, ուր խօսք առաւ Հայ Դատի խմբակին կողմէ Լոռի Յովսէփեան: Ան նախ անդրադարձաւ 2020 թուականի պատերազմին պատճառած դժբախտութիւններուն, ապա՝ Հայաստանի կառավարութեան շարունակուող պարտուողական քաղաքականութեան, որուն հետեւանքով այսօր Արցախը շրջափակուած է Բերձորի միջանցքի փակումով: Ան ըսաւ. «Շուշին, Բերձորը, եւ այլ տարածքներ յանձնելով մեզի խաղաղութիւն չի տրուիր։ Անօթի գազանը երբե’ք չի կշտանար ու չարաչար կ’օգտագործէ ոչխարը մինչեւ որ բոլորովին ոչնչացնէ զայն…: Մենք իբրեւ սփիւռքահայ աշակերտներ, թէեւ ֆիզիքապէս հայրենիքէն հեռու ենք, սակայն մի՛շտ հայրենիքին հաւատարիմ, պիտի չենթարկուինք օտարամոլութեան ու ձուլումի, պահելով ու պահպանելով հայ լեզուն, մշակոյթը, արհեստն ու արուեստը։ Սիրելով ու սիրեցնելով մեր շուրջիններուն մեր դրօշը, գիրն ու գրականութիւնը ինչպէս նաեւ տէր կանգնելով մեր Դատին, դառնալով արդար դատի խիզախ հետապնդողները։ Չխաբուինք թուրքերու խաղաղութիւն խոստացող պիղծ խօսքերէն։ Ինչպէս Աշոտ Ղուլեան ըսաւ, որ եթէ Արցախը կործանի, ապա միայն քաղաքական միամիտ խաղերու պատճառով կը կործանի։ Թող որ այս միամիտ խաղերը չազդեն մեր վրայ ու չդառնանք յուսահատներ, այլեւ դառնանք վրիժառու մարտիկներ՝ հասնելու համար մեր դարաւոր երազանքին` Ազատ,Անկախ, եւ Միացեալ Հայաստանին:
Սուգը յաւերժ է երբ պայքարի ոգի չկայ…
Մենք սգաւոր չենք: Մենք տէ՛ր ենք մեր հայրենիքին՝ Արցախին ու Հայաստանին, եւ կը մերժե՛նք Արցախի շրջափակումը թշնամիին կողմէ:
Արցախը Հայաստան է, Արցախը սփիւռքահայն է, Արցախը մե՛նք ենք: Ամուր կեցի՛ր Արցախ աշխարհ, մենք քեզի հետ ենք»:
Աշակերտները իրենց կուրծքին կրած Արցախի դրօշը, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու ունկնդրութեամբ բարձրացան իրենց դասարանները: