ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական Միութեան, Մարտ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի մրցաշարք, որուն մասնակցեցան միջնակարգի Ը. եւ Թ.  եւ երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ.  դասարաններէն աշակերտական խումբեր:

Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, աւարտական խաղին յաղթեց Ը. դասարանի տղոց «Մուսա լեռ» խումբը եւ հանդիսացաւ առաջին, իսկ երկրորդ հանդիսացաւ ԺԱ. դասարանի տղոց խումբը: Տնօրէնութիւնը մետալներով գնահատեց յաղթական խումբերը:

Մրցաշարքը ընկերական ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցին մէջ:

Լոռի Յովսէփեան