ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2023-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան զարգացման մրցումը:

Երկրորդական բաժինի աշակերտները Արցախի զանազան շրջաններու եւ քաղաքներու անունները կրող խումբերու բաժնուած հաճելի ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ պատասխանեցին վարչութեան պատրաստած հարցումներուն:

Մրցումին արդիւնքները յայտարարուեցան 9 Նոյեմբերին: Յաղթական հանդիսացաւ Խաչէն խումբը, երկրորդ` Արցախ խումբը, երրորդ` Շուշի խումբը։