ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ճեմարանի Լսարանական Միութեան ձիւնագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Փետրուար 2023-ի կէսօրէն մինչեւ Շաբաթ, 25 Փետրուարի կէսօր:

Ուրբաթ օր, աշակերտները ճաշեցին դպրոցը, ապա ուղղուեցան դէպի Ֆաքրա, ուր հաճելի ժամանակ անցուցին: Երեկոյեան ժամը 6:00-ի շուրջ, աշակերտները հասան Ժպէյլի ակումբ, ուր խանդավառ մթնոլորտ տիրեց խորովածի պատրաստութեամբ եւ ընկերական մտերմիկ խաղերով:

Շաբաթ առտու, նախաճաշէն ետք, աշակերտները այցելեցին «Արամ Պեզիկեան» թանգարան եւ պտոյտ մը կատարեցին Ժպէյլի ծովափը: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին աշակերտները վերադարձան դպրոց բարձր տրամադրութեամբ: