Հ.Մ.Ը.Մ.- ԼԵՎԱՄ՝ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Աղբալեան – Հ.Մ.Ը.Մ. Մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահին մէջ, Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած՝ Փինկ փոնկի 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները.   2006/2007-ի ծնունդ աղջիկներ՝ Գլէա Արապաղեան (առաջին), Գարինա Վասիլեան (երկրորդ), Նարօտ Կիւրիւնլեան (երրորդ) եւ…

«KIDS ATHLETICS»

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին,  Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018-ին, տեղի ունեցան «Kids Athletics»-ի մարզախաղերը  Պաապտայի Ժամհուր վարժարանի դաշտերուն վրայ: «Kids Athletics»-ին մասնակցեցան Ճեմարանի հետեւեալ աշակերտները. Լոռի Աւետիս, Զուլալ Պէզճեան, Թամարա Աբիկեան, Շուշի Գասապեան, Ալիք Քէշիշեան, Քեւըն Պերեճիքլեան, Կի Խանճեան, Կարէն Հանեշեան, Նարեկ Քէօսէեան եւ Հրակ Կիւրիւնլեան:

ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Լիբանանի անկախութեան 75-րդ ամեակին առիթով, աւարտական դասարանի աշակերտներ Լէա Խաչատուրեան եւ Հրանդ Գալեմքերեան մասնակցեցան Հայկազեան համալսարանի մէջ տեղի ունեցած երկրորդական վարժարաններու աշակերտական ցուցահանդէսին:

ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, Ճեմարանի Տարրական, Նախակրթարան եւ Միջնակարգ բաժիններուն աշակերտները՝ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիներուն ուղեկցութեամբ, գացին հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Ցուցահանդէսին գացին նաեւ մանկապարտէզի կապոյտ եւ կանաչ դասարանի փոքրիկները, որոնք դիտեցին գիրքերը եւ մանկապարտէզի նոր գրադարանին համար ընտրեցին եւ գնեցին նոր գիրքեր:

ՍՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ

Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար: Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր զիրենք դիմաւորեց Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Ժագ Տաղլեան եւ բացատրութիւններ տուաւ Այնճարի մէջ միութենական կեանքին ու գործունէութեան մասին, միաժամանակ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն: Ապա…

Հ.Մ.Ը.Մ.-ԼԵՎԱՄ. ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆԸ

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, Կիրակի, 25 Նոյեմբեր 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:օօ-ին, տեղի ունեցաւ 2018-2019 տարեշրջանի ճատրակի մրցաշարքը՝ Մխիթարեան նոռակառոյց վարժարանի սրահէն ներս:  Մրցաշարքին մասնակցեցան 105 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք կը ներկայացնէին 10 հայկական դպրոցներ: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտներէն ոմանք հանդիսացան…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՔ ՄԸ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, երկրորդական բաժինի ուսուցչական կազմին եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00-ի ժամանակահատուածին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման երկրորդ հաւաք մը, որուն ներկայ էին Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու…

ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին «Spinneys» հանրախանութը (Էլիսարի մասնաճիւղը)՝ նախաճաշի սննդական նիւթեր գնելու համար: Անոնք գնեցին անուշ, կարագ, պանիր, ձիթապտուղ, քամուած մածուն եւ հաց:  «Spinneys»-ի անձնակազմը երեխաներուն բաժնեց կարկանդակ, կրկնեփուկ եւ հիւթ: Յաջորդ օրը՝ երեքշաբթի առաւօտ, կապոյտ դասարանի աշակերտները նախաճաշեցին՝ ճաշակելով…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբեր 2018-ին, Տարրական բաժինի աշակերտները նշեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը: Անոնք շարուեցան եւ Լիբանանի դրօշակները ծածանելով երգեցին երկրին քայլերգը, արտասանեցին՝ արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ երգեցին այլ հայրենասիրական երգեր:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասանիւթի ծիրէն ներս, ուսումնասիրելէ ետք նախապատմութիւնն ու անոր երկու ենթաբաժանումները՝ «Հին քարի» եւ «Նոր քարի» շրջանները, նախակրթարանի զոյգ Զ. դասարաններու աշակերտները Չորեքշաբթի 21 Նոյեմբեր 2018-ին, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Սէն Ժօզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան թանգարանը (Musée de Préhistoire Libanaise): Լսելէ վերջ թանգարանի հիմնադրումի պատմութիւնը, աշակերտները դիտեցին…

ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան, երկրորդական բաժինի ուսուցիչներու եւ Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը՝ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ: Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այս հաւաքը իր բնոյթով կը տարբերի ուրիշներէ…

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վարդգէս Էսկիպաշեանի յիշատակին նուիրուած Քրոս Քաունթրի

Վարժարաններու ընդհանուր դասաւորման մէջ Ճեմարանը հանդիսացաւ առաջին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2018–2019 տարեշրջանի առաջին մրցաշարքը՝ Քրոս Քաունթրին, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր 2018-ին, Այնճարի մէջ: Մրցաշարքը հովանաւորեցին Այնճարի քաղաքապետութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնն ու Հայկազեան Համալսարանը: Ստորեւ Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները….