ԿԱՊՈՅՏ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹ

Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2018-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին «Spinneys» հանրախանութը (Էլիսարի մասնաճիւղը)՝ նախաճաշի սննդական նիւթեր գնելու համար: Անոնք գնեցին անուշ, կարագ, պանիր, ձիթապտուղ, քամուած մածուն եւ հաց: 

«Spinneys»-ի անձնակազմը երեխաներուն բաժնեց կարկանդակ, կրկնեփուկ եւ հիւթ:

Յաջորդ օրը՝ երեքշաբթի առաւօտ, կապոյտ դասարանի աշակերտները նախաճաշեցին՝ ճաշակելով իրենց գնած ուտելիքները: