ՍՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՅՆՃԱՐ

Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար:

Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր զիրենք դիմաւորեց Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Ժագ Տաղլեան եւ բացատրութիւններ տուաւ Այնճարի մէջ միութենական կեանքին ու գործունէութեան մասին, միաժամանակ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն: Ապա աշակերտները այցելեցին մարզիկ Լեւոն Թաշճեանի բնակարանը, ուր հետաքրքրութեամբ լսեցին անոր մարզական իրագործումները, ինչպէս նաեւ՝ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի պատմութիւնը։

Այնուհետեւ աշակերտները ուղղուեցան դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզահամալիր, ուր Ժանօ Փամպուքեան տեղեկութիւններ փոխանցեց կառոյցին մէջ կատարուող աշխատանքներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութեան մասին: Յաջորդ հանգրուանն էր Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնը, ուր ատենապետուհի Ռիթա Լաքիսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց մասնաճիւղի գործունէութեան մասին, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը վարչութեան կողմէ: Այնուհետեւ աշակերտները ուղղուեցան դէպի գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, ուր Տիկ. Սնապեան աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ տեղադրուած գիրքերուն, իրեղէններուն եւ լուսանկարներուն մասին:

Խումբը քալելով ուղղուեցաւ դէպի «Ս. Պօղոս» եկեղեցի, ուր Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ կառոյցին ու գործունէութեան մասին:  Ապա աշակերտները հասան Ազգ. «Յառաջ» վարժարան, ուր դպրոցի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց «հիւրերը» եւ «Յառաջ» վարժարանի մասին պատմական անդրադարձէ մը ետք, տեղի ունեցաւ զրոյց վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ: Աշակերտները միասնաբար արծարծեցին զանազան նիւթեր. անոնք խօսեցան հայապահպանման ու հայեցի դիմագիծի պահպանման մասին: Զրոյցէն ետք անոնք այցելեցին մանկապարտէզ, ուր հաճելի պահեր  անցուցին փոքրիկներուն հետ: «Յառաջ» վարժարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալէ ետք, ճաշարան Արեւի մէջ աշակերտները հանգստացան եւ ճաշեցին:

Այնճարի մէջ հաճելի եւ դաստիարակիչ օրը աւարտեցաւ քաղաքապետարան այցելութեամբ: Հոն զիրենք դիմաւորեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան եւ խօսեցաւ քաղաքապետարանի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ իրագործումներուն մասին: