ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՔ ՄԸ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, երկրորդական բաժինի ուսուցչական կազմին եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 5:00-ի ժամանակահատուածին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման երկրորդ հաւաք մը, որուն ներկայ էին Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներն ու անոնց ծնողները: Յիշեցնենք, որ ուսման կողմնորոշման առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ շաբաթ մը առաջ՝ երկուշաբթի, 19 Նոյեմբերին, նոյն վայրը, մասնակցութեամբ աւելի քան 50 Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ բարեկամ մասնագէտներու:

Ի տարբերութիւն առաջին հանդիպումին, երկրորդ հաւաքին հրաւիրուած էին 12 համալսարաններու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին Լիբանանեան Համալսարանը (Université Libanaise – UL), Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (American University of Beirut – AUB), Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանը (Lebanese American University – LAU), Հայկազեան Համալսարանը (Haigazian University – HU), Սէն Ժօզէֆ Համալսարանը (Université Saint Joseph – USJ), Քասլիքի Սէնթ Էսփրի Համալսարանը (Université Saint Esprit de Kaslik – USEK), Լուէյզիի Նոթր Տամ Համալսարանը (Notre Dame University Louaize – NDU), Պալամանտի/ԱԼՊԱ-ի Համալսարանը (University of Balamand / ALBA – UOB), Անթոնին Համալսարանը (Université Antonine- UA), Պէյրութի Արաբական Համալսարանը (Beirut Arab University – BAU), Լա Սաժէս Համալսարանը (Université La Sagesse – ULS) եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը (American University of Armenia – AUA):

Համալսարաններուն ներկայացուցիչները մեր աշակերտներուն ներկայացուցին իրենց համալսարաններէն ներս գործող զանազան բաժանմունքները, ընդունման պայմանները, համապատասխան վկայականներն ու համալսարանին ընծայած կրթանպաստները: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին համալսարաններու ներկայացուցիչներուն ցուցմունքները եւ լուսաբանուեցան զիրենք մտահոգող որոշ հարցերու շուրջ:

Հաւաքին աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: