ՈՒՍՄԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի տնօրէնութեան, երկրորդական բաժինի ուսուցիչներու եւ Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ուսման կողմնորոշման հանդիպում մը՝ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն եւ ծնողներուն մասնակցութեամբ:

Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այս հաւաքը իր բնոյթով կը տարբերի ուրիշներէ անով, որ սոսկ դասախօսութիւն մը չէ, այլ՝ երկխօսութեան, զրոյցի ճամբով տեղեկութիւններ փոխանցել համալսարանական ուսման զանազան մասնագիտութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ՝ Ճեմարանի շրջանաւարտներուն կողմէ քաջալերելի ներդրում մըն է երկրորդական բաժինի աշակերտներուն ուսման կողմնորոշման մէջ:   Տարբեր մարզերու մէջ մասնագիտացած Ճեմարանի շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ, որոնք օրին երբ համալսարանական կեանքի սեմին էին եւ նոյն մտահոգութիւնները ունէին, այսօր կը ներկայանան իբրեւ փորձառու անձեր եւ կը լուսաբանեն նոր սերունդը:

Ապա խօսք առաւ օրուան պագամախօս Դոկտ. Թամար Գապաքեան Հաշէօլեան: Ան աշակերտներուն ըսաւ. «Այս հանգրուանին դուք պիտի կայացնէք ձեր կեանքի կարեւորագոյն որոշումներէն մէկը: Մասնագիտութեան ընտրութիւնը ձեր անհատական որոշումը պէտք է ըլլայ: Դուք այդ որոշումին պէտք է յանգիք ձեր անհատական ճիգերով»: Ապա ան շեշտեց չորս տուեալներ, որոնց վրայ պէտք է հիմնուի  աշակերտը. «Ձեր ընտրած մասնագիտութիւնը պէտք է ծառայէ ձեր կեանքի նպատակին: Ան պէտք է բխի ձեր հետաքրքրութիւններէն եւ նախասիրութիւններէն: Ձեր ընտրած մասնագիտութիւնը պէտք է համընկնի ձեր ուսումնական կարողութիւններուն հետ եւ վերջապէս ան պէտք է գործի կարելիութիւններ ստեղծէ»: Պատգամախօսը շեշտեց նաեւ զարգացող մասնագիտութիւններուն հետեւելու կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ համալսարանական կեանքը ուսանողին պիտի ծանօթացնէ նոր միտքերու եւ պիտի ընծայէ նոր առիթներ, հետեւաբար պէտք չէ սահմանափակուիլ սկզբնական ընտրանքով, երբ նոր հետաքրքրութիւններ կը յառաջանան. «Երկրորդական բաժինի տարիները ճնշուած են ուսման վերաբերեալ կողմնորոշումներու հարկադրանքներով, ձեր աշխատանքը կատարեցէք պահելով այն հետաքրքութիւնը, որ ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ձեր նպատակներու իրագործումը»:

Երկրորդական բաժինի աշակերտութիւնն ու շրջանաւարտները կամրջող այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան  աւելի քան 50  Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ բարեկամ մասնագէտներ, որոնք օգտաշատ տեղեկութիւններով գոհացում տուին բոլորին հետաքրքրութիւններուն:

Մտերմիկ այս հաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան կողմէ: