ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, Ճեմարանի Տարրական, Նախակրթարան եւ Միջնակարգ բաժիններուն աշակերտները՝ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիներուն ուղեկցութեամբ, գացին հայ գիրքի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:

Ցուցահանդէսին գացին նաեւ մանկապարտէզի կապոյտ եւ կանաչ դասարանի փոքրիկները, որոնք դիտեցին գիրքերը եւ մանկապարտէզի նոր գրադարանին համար ընտրեցին եւ գնեցին նոր գիրքեր: