ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Պատմութիւն-Աշխարհագրութիւն (Histoire-Géographie) դասանիւթի ծիրէն ներս, ուսումնասիրելէ ետք նախապատմութիւնն ու անոր երկու ենթաբաժանումները՝ «Հին քարի» եւ «Նոր քարի» շրջանները, նախակրթարանի զոյգ Զ. դասարաններու աշակերտները Չորեքշաբթի 21 Նոյեմբեր 2018-ին, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին Սէն Ժօզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան թանգարանը (Musée de Préhistoire Libanaise): Լսելէ վերջ թանգարանի հիմնադրումի պատմութիւնը, աշակերտները դիտեցին վաւերագրական կարճ ժապաւէն մը՝ Լիբանանի նախապատմական շրջանին մասին, ապա երկու ուղեկիցներու ընկերակցութեամբ շրջեցան թանգարանին տարբեր բաժիններէն ներս:

Այցելութեան աւարտին, աշակերտները անակնկալ այցելութիւն մը տուին նաեւ նոյն կառոյցէն ներս գտնուող Սէն Ժօզէֆ համալսարանի Արեւելեան Գրադարանի պատկերադարանի ցուցադրասրահին, ուր լուսանկարներու նորոգման եւ վերականգման պատասխանատու Պրն. Ռուբէն Պասմաճեանը որոշ բացատրութիւններ տուաւ իրենց: